Մօթօսիքլէթին վրայ նստած կը սուրար դէպի հրապարակ արաքսէն անցնելով: Արաքսի վերջաւորութեան, ճիշդ վերջին թաղէն աջ դարձաւ, կամաց մը դանդաղցուց մօթօսիքլէթը քանի որ արդեն հասած էր Քանատիէն Պըրկըր: Տեսնելով որ շատ խճողում է հոն, ճիշդ քովի Արմինիէն Պըրկըր մտնել որոշեց, ուր գեղեցիկ մարմինով, բայց ծերի երես ունեցող կին մը կ’աշխտէր: Միշտ խղճի զգացում մը կ’ունենար այդ կնոչ հանդէպ, եւ իր յաճախ Քանատիէնը նախընտրելը, բացի որ աւելի համով էր, նաեւ անոր համար էր որ հեռու մնար այդ դէմքէն: Ներս մտնելուն պէս նշմարեց ուրիշ մէկը, հազուագիւտ դէպք Արմինիէն Պըրկըրի պարագային, բարեւեց որ համպըրկըր մը խնդրեց: Կինը «սիրով» ըսելով ժպտաց ու կռացաւ սառնարանէն միս մը հանելու: Ակսաւ խղճի զգացումները պատել զինք, կինը մէկ կողմէն կը պատրաստէր բաղադրացուցիչները, իսկ ինք կը հետեւէր կնոչ շարժումներուն, խղճին մէկ մասը կը վերաբերէր կնոչ ենթադրեալ աղքատութեան, բայց մեծ մասը կը վերաբերէր կնոչ դէմքին տգեղութեան: Կինը տխուր ըլլալու էր իր տգեղութեան համար: Կնոչ աչքերը խամրած էին, դէմքին վրայ կային բազմազան կնճիռներ, ու շրթունքները անհամեմատ էին դէմքին հետ: Մազերը դեղին ներկուած էին, ու ձգուած էին ուսերուն վրայ: Տժգոյնութիւնը ակընյայտ էր, միագոյն էր կնոչ երեսը՝ միագոյն էր նաեւ խանութը, երկաթի գոյն, իսկ կնոչ գոյնը այդքան ալ յստակ անուն մը չուներ:
Երբ ինք ներս մտաւ, արդեն շարունակուող զրոյց մը կար Կնոչ եւ միւս մարդուն միջեւ, մարդուն խօսքերը քթին տակէն էին, ուստի դժուար եղաւ ենթադրել թէ տեղի ունեցածը զրոյց մըն էր, թէ մարդը պարզապէս կը մրթմրթար:
-«Նիւ Եօրք տեղ մը կայ եղեր, մէկ համպըրկըրը յիսուն տօլար է», ձեռքերը քով քովի բերաւ, երկու բուռերը համարեայ թէ միացուց, ու մէջերնին պզտիկ պարապութիւն ձգեց, «ասքան բան մըն է հա եղածը, պիտ կշտանաս նէ, երկու հատ պիտ ուտես նէ, հարիւր տօլար, ա՛ռ իշթէ»:
Կինը ինքզինք չկորսնցուց այս խօսքին վրայ, փորձեց նախ բան մը ըսել, գլուխը վեր վերցուց կաղամբէն , բայց յետոյ վազ անցաւ, ետ վար նայելու սկսաւ: Մարդը զգալով կնոչ այլեւանքը, շարունակեց:
-«Պըրկըր Քինկին նոր րէքլամը տեսա՞ր, ինչ է եղեր յիսուն կրամ պանիր կը դնեն կոր, յիսուն կրամ ալ լոլիկ, գինը 7500 կ’ըլլայ կոր, ի՞նչ եղեր է որ… Նիւ Եօրք չէ, մայրը թաղեմ, հոսկէ Աշրաֆիէ գնա, համպըրկըրին գինը 5000 է, գոնէ ալ մէջը բան մը դնեն, աստեղի համպըրկըրին պէսը չիկայ ակամ, ինչ կ’ուզես ըսէ»: Մարդը շտկեց փաճկոնը, ինքն ալ սրճագոյն միագոյն էր, ու արդեն որ առած էր իր համպըրկըրը, նստաւ աթոռին վրայ, ու պատէն կախուած հեռատեսիլին ուշի ուշով սկսաւ հետեւիլ:
Ինք կնոչ դէմքին նայելէ կրցածին չափ փախուստ տալով արդեն ապսպրած էր մէկ համպըրկըր, արդեօ՞ք կինը զգաց որ չէր նայեր դէմքին, խիղճը զինք տանջելու սկսաւ. յետոյ մէկ անգամ եւս մտքին մէջ բոլոր շաբթուան հաշիւները ընելով, հասաւ այն եզրակացութեան որ երկու համպըրկըր կրնար ապսպրել, 1500 մը աւելի հոս, կրնար կրճատել վաղուան ինթէրնէթ քաֆէն մէկ ժամով, եւ կամ երթար ու Շանթէն պահանջէր իր ինն հազար առնելիքը, երեք շաբաթ առաջուան պայուսակին համար:
-«Հաճիս համպըրկըրը երկու հատ թող ըլլայ»:
Հետաքրքրական էր Վահագն կարդալ այս պատմուածքը, մանաւանդ կարդալով Քէնէտիէն Պըրկըրին մասին: Քէնէտիէն Պըրկըրը անուանի է, եւ միշտ ալ Արմինիէն Պըրկըրէն աւելի յաճախորդ ունեցած է, անցնող տասը տարուան ընթացքին: