Դէպի Ապրիլի վերջ, Պուրճ Համուտը իր լաւագոյն օրերը կ’ապրի: Կլիման լաւագոյնն է տարուան մէջ, անձերւները դադրած են, խոնաւութիւնը վերջացած է, տաքը տակաւին չէ հասած, հեռու պահելով հոտը: Հաւերը շատ կ’ածեն, հաւկիթը աժան է, Այնճարէն հասնելու կը սկսի տարուան բերքը, եւ Լիբանանեան նարինջը կը ողողէ շուկան: Տակաւին զբոսաշրջիկները չեն եկած, եւ Այնճարցիները տակաւին չեն ելած գիւղ: Մեքենագործներուն լաւ կ’ըլլայ, մարդիկ պտոյտներու համար օդօները կը նորոգեն, կոշկագործներուն եւ պայուսակագործներուն քով հաճախորդ չի պակսիր, նոր կոշիկ ու պայուսակ առնողները շատ են ամառուայ սկիզբին: Մարդիկ դուրս կու գան տուներէն ու կը պտտին Պուրճ Համուտի մէջ, կը պատահի որ ծերուկները նստած կ’ըլլան անկիւնները, մանաւանդ տարածուն սուրբերու արձաններուն քով, ուր նստարանի նմանող քարէ կոյտեր կարելի է գտնել:
-Եղբայս անիծեց ինծի: Վրանիս անէծք եկաւ, ես ինչ աղուոր աղջիկ էի, զոռով ամուսնացուցին ինծի, եղբայս զոռեց որ ամուսնանամ, խայըրսըզ մը եկաւ, ինծի զոռով առաւ, անկէ ալ տուներնիս քանդուեցաւ, տուներնուս պարաքաթը կորսուեցաւ: Եա՜: Հիմա տուն չունիմ ես, ես տուն չունենալիք կնի՞կ էի: Ի՜նչ աղուոր էի, ինծի տասը տարի սպասող եղաւ, ոչ ըսինք, ոչ ըսինք, յետոյ ասանկ եղանք: Պապաս շատ հարուստ էր…
Անդադար կը խօսէր պառաւը, շուրջիններուն հետ, իսկ երբ մարդ չըլլար ինքնիրէն հետ: շուրջ հաւաքած ահագին տոպրակներ, մի քանի ճիւղի կտոր, նստած էր Մարիամ Ատուածածին արձանին քով, լայն պողոտային չորրորդ թաղին մէջ, որ կը տանի մինչեւ ոստիկանատուն, եւ որուն քովը կար Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին:
-Մենք պիտի յաղթենք: Չարերը պիտի պարտուին, մենք պիտի յաղթենք: Լաւ պիտի ըլլանք, նայինք ինչ պիտի ըլլայ, աս քանի օրը թող անցնի…
Շարունակեց խօսիլ, բայց քիչ վերջ ձանձրացաւ երբ մարդ կարեւորութիւն չտուաւ իր ըսածներու, ելաւ, հազիւ կանգնեցաւ ոտքերուն վրայ: Ճիւղերէն մէկը որպէս գաւազան բռնեց ու տոպրակները հաւաքելով յառաջացաւ շատ կամաց քայլեորով: Ամէն մէկ պատուհանէն ներս կը նայեր, երբեմն գլուխը բարձրացնելով պատշգամբներուն ալ կը նայեր, եթէ մարդ մը տեսներ, խօսելու կը սկսեր, բան մը կը գտներ ըսելիք անպայման, ընդհանրապէս նոյն բաները:
-Մենք վերջացանք աղջիկս, դուն ուշադիր եղիր, մեր տունը ուղուր կայ, միայն գիտնաս ես ինչ աղուոր էի, տասը տարի սպասող եղաւ ինծի, ոչ ըսի, չեմ ուզեր ըսի, իշխան չըլլայ նէ չեմ ուզեր ըսի, յետոյ խթիֆէ տարին ինծի.. զոռով ամուսնացուցին: Եղբայրիս երեսէն եղաւ ամէն: Պապաս մեռաւ նէ, եղբայս ամէն ինչը ծախսեց, երիտասարդ եմ ըսաւ, օդին տուաւ: Անառակ որդի ելաւ: Իմ պապաս շատ հարուստ էր, մամայիս կողմը ի՜նչ ազնուական, Ճէնէրալ Քարամանուկեանին խնամի էին մամայենցս հետ. եա՜:
Մէկը չի գիտեր եթէ ինք իր ըսածներուն կը հաւատար, մէկը չի գիտեր եթէ ըսածները իրականութիւններ էին, կ’ըսեն թէ Քուէյթ ապրող եղբայր մը ունի, ատենը մէկ դրամ կը ղրկէ:
-Դիմեցի քա, դիմեցի, ամէն տեղ դիմեցի, բան մը չեն տար կոր, մէկը մէկուն երեսին չի նայիր կոր այս դարուս, դրա՞մ պիտի տան: Ծերացայ, չորցայ աս փիս տունին մէջ, աս ծերուկին քով ըլլալէն մարմինս փտտաւ… Շատ խիստ է, շատ, ինչ ունիմ նէ, իրեն կու տամ կոր, նորէն չըլլար կոր, ասանկ է բնաւորութիւնը, ինծի չեկաւ իր բնաւորութիւնը, ծերացայ իր երեսէն:
Հասաւ տուն, դուռը զարկաւ, ու ուրիշ ծերուկ մը դուռը բացաւ, ներս մտցուց տոպրակները, դուրսը ձգելով ճիւղը: Ներսէն քանի մը պորչտուքի ձայներ լսուեցան:
-Դուն գիտե՞ս ես ինչ ընտանիքէ կու գամ, Ճէնէրալ Քարամանուկեանը հիմա գայ նէ, պիտ ըսեմ ինծի ինչեր կ’ընես կոր նէ: Իմ պապայիս Հայր Աբրահամ կ’ըսէին, եղա՞ւ: Ամէն ունեցածը բաժնեց աղքատներուն, առաջ սէր կար, հարգանք կար: Մէկուն ծնողքը մեռնի նէ ամէն ինչ կը վերջանա եղեր, Պապաս միայն կը սիրեր ինծի… Մամաս ճատը էր…
Ապրիլ ամիսը իր վերջին մօտենալուն պէս, արդեն զգալի է ճնշիչ ամառուան ազդեցութիւնը, մարդիկ կը սկսին իրենց տուները քաշուիլ կամաց կամաց, մանաւանդ անտանելի է տաքէն փխած աղբակոյտին հոտը, Պուրճ Համուտի ծովային բաժնին, ժամանակին քէմփ եղող, Քարանթինայի մէջ զետեղուած: