Առտու կանուխ է, պէտք է արթննալ: Ժամացոյցին կը նայի ու կ‘որոշէ որ քիչ մըն ալ կարելի է քնանալ: Քիչ ետք նորէն կը նայի ժամացոյցին, այս անգամ իրաւ պէտք է արթննալ: Քիչ մըն ալ կը տապլտկի անկողինին մէջ, ու վերջապէս յիշելով մեծ մօր խօսքը «հոփ ըրէ ելի՛ր», կ‘ելլէ տեղէն անակնկալ շարժումով մը: Երեսը լուալու համար կ‘երթայ ներս, կը լուացուի ու լուացարանին տակի խողովակին քանի մը անգամ կը զարնէ որ ջուրը դիւրին երթայ ծակէն: Նէսքաֆէ մը կը շինէ, մէկ-երկու-մէկ համեմատութեամբ, մէկ դգալ սուրճ, երկու դգալ գաֆէմէյթ և մէկ դգալ շաքար. կտոր մը պանիր հաց կ‘ուտէ, քսուկ պանիրով: Արագ արագ կը հագուի ու կ‘իջնէ երթալու համար ծանօթի մը գով, Զոհրապին. հոն պիտի հարցնէ ուրիշ մարդու մը մասին, պրն. Կարապետ Կարմիրեանին, որմէ դրամ պիտի առնէ: Չէր ճանչնար Կարմիրեանը, չէր ալ գիտեր որքան դրամ պիտի տայ իրեն. բարեխօսած են իրեն համար, ըսած են «լաւ տղայ է, բան մը տո՛ւր», իսկ իրեն «գնա՛ քովը, բան մը կու տայ»:
Անպայման այդ օր պէտք է հանդիպի Կարմիրեանին, պէտք է դրամը առնէ, տանի համալսարանին մասնավճարը տայ, դրամատուները ժամը 2ին կը գոցեն, մինչայդ պէտք է հասնի Կարմիրեանը գտնել, կը հասնի՞: Պէտք է վազել: Ժամը 10ի կողմերը կ‘իջնէ, քիչ մը կը քալէ, ու միայն ետքն է որ կը նկատէ սխալ բան մը «Ի՞նչ կ‘ըլլայ կոր»: Խանութները բոլոր գոց են, ժամին կը նայի, այդ հոգեբանութեամբ որ սխալ ժամու կրնայ իջած ըլլալ, ժամացոյցին ճիշդ ըլլալը հեռաձայնին վրայէն կ‘ստուգէ: Քիչ մըն ալ կը քալէ ու կը հասկնայ հարցը… Այսօր Սբ. Վարդան է: Պատերուն վրայ երեկունէ գրուած է եղեր… «Բոլոր խանութները պիտի գոցուին…»: Ուրեմն Զոհրապն ալ գոց է, ուրեմն չի կրնար գտնել Կարմիրեանը, ուրեմն չի կրնար վճարել դրամատան, իսկ այսօր վերջին օրն է վճարումի… ամէն ինչ վաղուայ մնաց, ուշացումի համար հարիւր տօլար աւելի պիտի վճարէ… «իւֆ…» մը յառաջելով կը մնայ պատին առջեւ կեցած, որուն վրայ թուղթը կը մնայ կախուած:
Ոտքերը կը տանին դէպի մօտակայ, Մասթըր Մօլին քովի Սբ. Վարդան եկեղեցին, «մոմ մը վառենք» տրամաբանութեամբ: Եկեղեցի չհասած արաբ կին մը կը բռնէ զինք, կը հարցնէ թէ ինչ կայ որ խանութները գոց են: Ինք, ծայր աստիճան գոհունակութեամբ կը խրատէ կնոջ որ պարապի չերթայ շուկայի կողմերը, Արաքս, եւայլն.. «Այս օր Սբ. Վարդան է տիկին, բոլոր խանութները գոց կ‘ըլլան այսօր», հպարտութիւնը կը հոսի խօսքերուն հետ, գոնէ վարկեանի մը համար կը մոռնայ հարցերը, բայց կնոչ դէմքը կը մնայ մտքին մէջ տպաւորուած, տգեղութենէն կը վախնայ: Շպարը այնքան շատ էր որ, տգեղութիւնը բազմապատկուած էր:
Եկեղեցին Խուռներամ է բազմութիւնը, ինքն ալ այդ ակնկալած էր, կը սիրէր մարդոց դիտել: Կը մտնէ, հազարնոց մը կը դնէ պիշ պիշ նայող մարդուն դիմացի սեղանիկին վրայ, ուր ափսէի մը մէջ ահագին դրամ հաւագուած է, ափսէին քովն ալ մոմերը գեղեցիկ բլրաձեւ շարուած են: Կ‘առնէ մօմ մը, ու հազիւ տեղ գտնելով կը հասնի Մարիամ Ատուածածինի պատկերին քով, խաչ կը հանէ ու կ‘աղօթէ, աջ ձախ կը նայի աչքին ծայրովը, «մարդիկ երկար աղօթքներ կ‘ընեն կոր» կ‘անցնի մտքէն: Տէր հոր ձայնը, երգչախումբին ձայնը, բոլորն ալ շատ անուշ կը թուին իրեն, պատարագը ընթացքի մէջ է, իսկ բազմութիւնը գինովցած պատարագով, իրար հետ լաւ զոյգ կը կազմեն՝ բազմութիւնը եւ պատարագը: Չուզեր դուրս ելլել այդ հրապուրիչ մթնոլորտէն, բայց պէտք է ելլել, պէտք է բան մը ընել, բայց ի՞նչ ընել, «Ամէն տեղ ալ գոց է թէրսի պէս»: Կ‘ելլէ ու կը քալէ կիսադատարկ փողոցներուն մէջ, քիչ մըն ալ անձրեւոտ է օդը, պաղ չկայ, բայց ինք բարակ հագուած է կարծես թէ: Ձեռքը գրպանը կը տանի, բան մըն ալ չկայ հոն հեռաձայնէն բացի, կ‘առնէ ու կ‘սկսի թիւերուն նայիլ որոնք շարուած են անգլերէնի այբուբենի յերթականութեամբ, կը հասնի «Յովսեփ»ին, ու կը զանգէ.. «Բարի լոյս… ի՞նչ կ‘ընես կոր… հա… հէչ եաու, իջայ, ան ալ Սբ. Վարդան է եղեր… հա ուալլա… հէչ… գա՞մ մը… եալլա… »: Կէս ժամ ի՞նչ պիտի ընէ հիմա, չուզեց անմիջապէս երթալ Յովսէփին քով: Քալեց հոս ու հոն, քամին զօրաւոր է, պատշգամերուն արեւանոցները կը թռին հովէն, փողոցի մը սեմին կը կենայ ու կը դիտէ թռող արեւանոցները, հետաքրքրական է տեսարանը, այնքան որ մի քանի վարկեան քարացած կը դիտէ, քիչ մըն ալ ժամանակ անցնելու միտումով անշուշտ: Պարապութեան մէջ չի կրնար չմտածել Փաթիլին մասին, ձեռքը ակամայ կ‘երթայ հեռաձայնին, կը հանէ, կը նայի եթէ բան մը կայ, զանգ մը կամ պատգամ մը որ չէր լսած, միայն ժամացոյցը կայ. վերջին օրերուն դէպքերը գէշ ազդած են վրան, ամէն ինչ վերջացած է, ինք որոշած էր վերջացնել, վստահ չէ որ պէտք էր անպայման այդպէս ընել, ուրիշ ժամանակի մէջ, ուրիշ կեանքի մը ընթացքին տարբեր պիտի ըլլար ամէն բան: Ո՞ւր է այդ միւսը, չկայ… Ուրիշ իրականութիւն չկայ… Հիմա է որ լաւ կ‘զգայ ազդեցութիւնը վերջին դէպքերուն, յուսահատութեան բուռն զգացումը կը պատէ մարմինը, նախ կը հարուածէ յօդերը, ապա ականջներուն վրայ կ‘զգայ սրտին զարկերը, կը հայոյէ ճակատագիրը, ու կը տարուի իրականութենէն… Աչքերը բաց են, բայց ինք կ‘երազէ… ո՞վ ըսած է որ երազելը սխալ բան է, հապա ինչպէ՞ս դիմանար այսքան բանի: Նախ կը փորձէ տրամաբանել եղածները, սակայն ո՞ր տրամաբանութիւնը իրեն օգնութեան պիտի հասնի, արդէն միայն մէկ հատ տրամաբանութիւն կայ, ան ալ Ճիշդ կը կոչենք, բայց միշտ դէմ է մեզի, միշտ ուրիշ, անհասանելի աշխարհի մը կողմէն է: Տրամաբանօրէն ինք սխալած է, Փաթիլը ճիշդ է տրամաբանօրէն: Մարդը տրամաբանակա՞ն է. դիմացի շէնքին նայելով ըսաւ «Այս շէնքը տրամաբանական է, այս ինքնաշարժը տրամաբանական է, ոչ թէ մարդը, ոչ թէ Փաթիլը, ոչ թէ ես»: Չխենթանալու համար կը դիմէ իր վաղեմի ընկերոչ՝ բանականութեան. բանականութիւնը կը հասնի ճիշդ ատենին, ու շատ արագ որոշում կը կայացնէ «ասոնք պարապ բաներ են ճանըմ, նայինք աս Կարմիրեանը ինչ պիտի ընէ»:
Հիմա որ ալ Պուրճ Համուտի սահմաններուն հասած է, բաց խանութներ կարելի է նկատել փողոցին երկու կողմերը, կը կենայ ցուցափեղկերէն մէկուն առջեւ, ներսի կինը իրեն կը նշմարէ ու ներս հրաւիրող աղաջանք մը կը յայտնուի դէմքին վրայ. կնոչ հանդէպ ներս մտնելու պարտաւորութիւն մը կ‘զգայ, ուրկէ՞ կու գայ այդ պարտաւորութիւնը, կեանքին մէջ չտեսած կնոչ հանդէպ ի՞նչ պարտաւորութիւն, այդ էր պակաս այս նեղ տեղը: Բայց հարազատութիւն մը կ‘զգայ, նոյն թաղը ապրելու, նոյն տենչը ունենալու հարազատութիւնը. «արդեօք հա՞յ է.. չէ, չէ, ի՞նչ հայ Վարդանանք օրով»: Քիչ մըն ալ կը քալէ, ու վազ կ‘անցնի Յովսէփին տեսնելէ, պատգամ մը կը գրէ հեռաձայնէն «ընկեր ես չեմ գար կոր, ընելիք գործ ելաւ», վստահ ըլլալով որ Յովսէփին ալ մեծ մտահոգութենէ մը ազատած է. արդեն որոշ ժամանակէ ի վեր անոր հետ ալ լաւ չեն հարաբերութիւնները, «Է՜ ժամանակ կ‘անցնի, մարդիկ կը փոխուին» ըսաւ նախքին փորձառութիւններէ ելլելով: Այսօր պիտի տայ դրամը քովէն, ուրիշ ճար չունի, իսկ եթէ՞ Կարմիրեանը չտայ դրամ… «բան մը կ‘ընենք, Աստուած մեծ է» հանգստացուց ինքզինք, մօմն ալ ասոր համար վառած էր արդեն, «Աստուած չօգնէ, Սբ. Վարդանը կ‘օգնէ» ըսաւ ու խնթաց ըսածին: Կէսօրէ վերջը չանցաւ, առանց անցնելու գիշեր եղաւ. կ‘երթայ ակումբ, ամէն մարդ Սբ. Վարդանի տրամադրութեան մէջ է. ակումբի համակարգիչներէն մէկուն կը նստի, բայց քունը կը տանի. Աւարայրի մարտիկները աչքին առջեւէն կ‘անցնին, Տղմուտի ափերու մօտ, վաթսուն հազար կտրիճները: Պաղտիկ կու գայ ու քով ը կը նստի. «Ինչ է՞, կը պառկիս կո՜ր, չըլլար ասանկ ակամ, ելի՛ր երեսդ լուա՛յ»…:
***
Յաջորդ օր նորէն առտու կանուխ է, արդեն ամէն օր առտու կանուխ կ‘ըլլայ, գոնէ մէկ անգամ անպայման կ‘ըլլայ: Բայց Սբ. Վարդան մէկ անգամ կ‘ըլլայ տարեկան, «Այդ է տարբերութիւնը ուրեմն, ատոր համար մարդիկ ամէն օր եկեղեցի չեն երթար ուրեմն, տարին մէկ անգամ է ըսելով ուրեմն… բայց ամէն Կիրակի նորէն ալ կ‘երթան, ամէն Կիրակի Սբ. Վարդան չէ եա՜…» եւ այսպէս շարք մը տրամաբանա-մարդաբանա-հոգեբանական հարցումներ ու պատասխաններ տալէ ետք հոփ կ‘ընէ, կ‘ելլէ տեղէն, կը շինէ մէկ-երկու-մէկ նէսքաֆէն, կ‘ուտէ պանիր հացը, քսուկ պանիր, կը խօսի Զոհրապին հետ, կիջնէ քովը երթալու համար:
Զոհրապ զարգացած ծերուկ մըն է, շատ բան տեսած, շատ բան ապրած, շատ բան պատմող, բայց երբեք մտիկ չընող: Հիմա որ ալ կեանքին վերջաւորութեան է, որոշ բարւոքութեան մը հասած է, կը հաւատայ որ շատ իւրայատուկ բաներ տեսած է կեանքին մէջ, ու ասոնք պէտք է պատմել, պէտք է գրի առնել, պէտք է չկորսուին ասոնք. ու այսպէս ամէն տեղ ու ամէն առիթով կը պատմէ իր կեանքէն դրուագներ, երբեմն կը կրկնուին ասոնք, բայց ինք միշտ կը պատմէ. քիչ մը գրոց փրոց ըլլալուն համար, պատմելու արժանիքը ունի: Զոհրապին առաջին անգամ հանդիպող մը մեծ հաճոյքով մտիկ կ‘ընէ, կը հրապուրուի պատմութիւններով, կը սիրէ իրեն, բայց այդ առաջին անգամը չվերջացած, Զոհրապ կը յաջողի վանել բոլոր դրական կարծիքները: Այս շատ պատմելու սովորութեան մէջ մոլորուած, մոռցած էր մտիկ ընելը, շատ դժուար է իր հետ զրոյց մը ունենալ իր կեանքի նիւթէն դուրս, միայն թէ վերջերս սկսած է գաւազանին մասին ալ խօսիլ, երբեմն ալ առողջութեան վատթարացման մասին կը խօսի:
Ինք միշտ սիրած է մտիկ ընել Զոհրապին պատմութիւնները, բայց ոչ այսօր… Պատմութիւններէն աւելի Զոհրապ ինք է որ հետաքրքրական կը թուայ իրեն, բայց ոչ այսօր: Կէս ժամէն աւելի մտիկ ընելու պարտականութիւնը տեղը բերելէն ետք, հազիւ կը հասցնէ հասկցնել որ ինք Կարմիրեանին թիւը ուզելու եկած է: Զոհրապ դժգոհած որ պիտի լռէ մի քանի երկվարկեան մինչեւ գնտէ թիւը տետրակին մէջէն, քիթին տակէն կը մրթմրթայ ու կու տայ թիւը վերջապէս: Զոհրապ նոր եկողի մը պատմելու կ‘սկսի իր պատմութիւնները, ինք կ‘առնէ Կարմիրեանին բնակարանի հեռաձայնին թիւը ու կը փախի: Կը զանգէ բայց պատասխանող չըլլար, նորէն կը զանգէ, նորէն անարդիւնք… պատասխան չկայ… նորէն չկայ… վերջապէս կինը կը պատասխանէ, որմէ կ‘առնէ գործատեղիին թիւը, կը զանգէ, քարտուղարուհին կը պատասխանէ, ամէն ինչ կը պատմէ քարտուղարուհիին որը կը համոզուի փոխանցել Կարմիրեանին. կը հասնի Կարմիրեանին: «Իմ մասիս ըսած են ձեզի պրն. Կարմիրեան… այո… ես եմ… այո այո… բայց կը հասնիմ այս օր գալ… հարց չիկայ… Երկուշաբթուայ մնալու պէտք չիկայ… կու գամ քիչ ետք… այո՞… ա՞ջ, հա լաւ… բան մը գրուա՞ծ է դուռին… եղաւ, շատ լաւ պրն. Կարմիրեան… շնորհակալ եմ»: Փողոցէն է որ կը խօսէր, շուրջը շատ մարդ հաւագուած է, ամէն մարդ դժգոհ է, բայց ինք գոհ է, ընկալուջը կը դնէ, սուլոց մը կը լսուի հեռաձայնէն, քարտը կը քաշէ ու հրելով ապակի դուռը դուրս կ‘ելլէ, կ‘ուղուի դէպի Կարմիրեան:
***
Թեթեւութիւն մը կայ վրան, թեթեւութիւնը զեփիւռի պէս կը շոյէ դէմքը. թեկուզ չերեւիր բայց ժպիտ մը կայ դէմքին: Հիմա ազատած է, բայց վերջին օրերու դէպքերը վրայ վրայի շատ հոգնեցուցին իրեն, ճնշիչ մթնոլորտը ե՞րբ պիտի անցնի: Պատմել պէտք է մէկու մը, որո՞ւ բայց… «Փաթիլն ալ չիկա՜…»: Թեթեւութիւնը կ‘սկսի ծանրանալ:
Հրապարակն է, կ‘անցնի անուշահոտի խանութի մը քովէն, բուրմունքները իրարու կը խառնուին իր ռունքերուն մէջ, մէկ կողմէն Պասթըրմա Մանօյին սուճուխները, միւս կողմէն անուշահոտերը… Կը նայի անուշահոտի խանութէն ներս, անուշիկ աղջիկ մը կը նշմարէ, որուն վրայ երեկուայ, Սբ. Վարդանի արցակուրթին թարմութիւնը կայ… Թեթեւութիւնը կը վերադառնայ իր էութեան:
PDF Տարբերակին համար սեղմել այստեղ