Սէքս Առտու Կանուխ

March 14, 2010

Վանաձայնը կը սկսի սփռել առաւօտեան լուրերը, յետոյ կը սկսին երգերը.. ամպօղճ կեանկում սիրել եմ կէզ..ը
Տարապաներուն ձայները կը կենան ալ, ամէն մարդ բացաւ խանութը, գործի սկսաւ: Մարդիկ իրարու կը նային, նայինք այսօր ինչեր պիտի ըլլան, անցեալ տարի յոյս ունէինք, ընտրութիւններ կային, այս տարի ինչի՞ վրայ դնենք յոյսերնիս:

Սէքսի հագուած կնիկ մը գալեց Մարաշէն, բոլոր տղաները իրեն նայեցան, ցանկացին, շրթունքնին լզեցին, ու ձեռքերնին գոտինին վրայ դրին: Իսկ կնիկը իր կարմիր քօլաններով, ճինզ փէշով, դեղին վերնազգեստով, որուն տակէն սեւ կրծքալը կ’երեւէր, շատ հպարտ, առանց հոս հոն նայելու շարունակեց քալել ու ձախէն երկրորդ շէնքը մտաւ: «Ահա՜, քեզի ի՞նչ ըսի, չըսի՞ մը», էրքէկ զգալով ըսաւ: Միւս կնիկներն ալ նայեցան շլթիկին, ղըճըխ առին, «մայրը քունեմ» մտածեցին, «ամուսնանար, մէջտեղէն ելլեր ալ ազատէինք» մրթմրթացին:

Սէքսի կնիկը վեր բարձրանալուն պէս, դիմացը, մանուշակագոյն փլասթիք աթոռին վրայ նստող էրքէկը, որ նէրկիլէ կը ծխէր, առաւ նէրկիլէն ու ինքն ալ նոյն շէնքը մտաւ, քովիններուն «կէս ժամէն կու գամ» ըսաւ: Կնիկը երկրորդ և վերջին հարկին դուռին առջեւ կը սպասէր, մէկ ձեռքով նարկիլէն բռնած, միւսով դուռը բացաւ ու կնիկին ձգեց որ առաջ մտնէ: «Ընելիքնին ըրին իշթէ»:

40 վարկեան անցած էր, մոթոռով մէկը եկաւ ու պոռաց: Դուրս ելաւ առանց վերնաշապիկի, «եալլա կիշնամ կոր» ըսաւ, ու իսկապէս ալ հինգ վարկեանէն իջաւ, նորոգուած, թարմացած, մարզական հագուստներ հագուած: «ի՞նչ է՜», հարցուցին շուրջինները: «Աղուոր երազներ տեսայ» պատասխանեց, «փէզզէվէնկ» մտածիցին շուրջինները:

Քիչ վերջ սէքսի կնիկն ալ իջաւ, նոյնքան սէքսի չէր այլեւս բայց, ամէն մարդ իր գործին էր:


Կնոչ Տգեղ Դէմքը

November 3, 2009

Մօթօսիքլէթին վրայ նստած կը սուրար դէպի հրապարակ արաքսէն անցնելով: Արաքսի վերջաւորութեան, ճիշդ վերջին թաղէն աջ դարձաւ, կամաց մը դանդաղցուց մօթօսիքլէթը քանի որ արդեն հասած էր Քանատիէն Պըրկըր: Տեսնելով որ շատ խճողում է հոն, ճիշդ քովի Արմինիէն Պըրկըր մտնել որոշեց, ուր գեղեցիկ մարմինով, բայց ծերի երես ունեցող կին մը կ’աշխտէր: Միշտ խղճի զգացում մը կ’ունենար այդ կնոչ հանդէպ, եւ իր յաճախ Քանատիէնը նախընտրելը, բացի որ աւելի համով էր, նաեւ անոր համար էր որ հեռու մնար այդ դէմքէն: Ներս մտնելուն պէս նշմարեց ուրիշ մէկը, հազուագիւտ դէպք Արմինիէն Պըրկըրի պարագային, բարեւեց որ համպըրկըր մը խնդրեց: Կինը «սիրով» ըսելով ժպտաց ու կռացաւ սառնարանէն միս մը հանելու: Ակսաւ խղճի զգացումները պատել զինք, կինը մէկ կողմէն կը պատրաստէր բաղադրացուցիչները, իսկ ինք կը հետեւէր կնոչ շարժումներուն, խղճին մէկ մասը կը վերաբերէր կնոչ ենթադրեալ աղքատութեան, բայց մեծ մասը կը վերաբերէր կնոչ դէմքին տգեղութեան: Կինը տխուր ըլլալու էր իր տգեղութեան համար: Կնոչ աչքերը խամրած էին, դէմքին վրայ կային բազմազան կնճիռներ, ու շրթունքները անհամեմատ էին դէմքին հետ: Մազերը դեղին ներկուած էին, ու ձգուած էին ուսերուն վրայ: Տժգոյնութիւնը ակընյայտ էր, միագոյն էր կնոչ երեսը՝ միագոյն էր նաեւ խանութը, երկաթի գոյն, իսկ կնոչ գոյնը այդքան ալ յստակ անուն մը չուներ:

Երբ ինք ներս մտաւ, արդեն շարունակուող զրոյց մը կար Կնոչ եւ միւս մարդուն միջեւ, մարդուն խօսքերը քթին տակէն էին, ուստի դժուար եղաւ ենթադրել թէ տեղի ունեցածը զրոյց մըն էր, թէ մարդը պարզապէս կը մրթմրթար:
-«Նիւ Եօրք տեղ մը կայ եղեր, մէկ համպըրկըրը յիսուն տօլար է», ձեռքերը քով քովի բերաւ, երկու բուռերը համարեայ թէ միացուց, ու մէջերնին պզտիկ պարապութիւն ձգեց, «ասքան բան մըն է հա եղածը, պիտ կշտանաս նէ, երկու հատ պիտ ուտես նէ, հարիւր տօլար, ա՛ռ իշթէ»:
Կինը ինքզինք չկորսնցուց այս խօսքին վրայ, փորձեց նախ բան մը ըսել, գլուխը վեր վերցուց կաղամբէն , բայց յետոյ վազ անցաւ, ետ վար նայելու սկսաւ: Մարդը զգալով կնոչ այլեւանքը, շարունակեց:
-«Պըրկըր Քինկին նոր րէքլամը տեսա՞ր, ինչ է եղեր յիսուն կրամ պանիր կը դնեն կոր, յիսուն կրամ ալ լոլիկ, գինը 7500 կ’ըլլայ կոր, ի՞նչ եղեր է որ… Նիւ Եօրք չէ, մայրը թաղեմ, հոսկէ Աշրաֆիէ գնա, համպըրկըրին գինը 5000 է, գոնէ ալ մէջը բան մը դնեն, աստեղի համպըրկըրին պէսը չիկայ ակամ, ինչ կ’ուզես ըսէ»: Մարդը շտկեց փաճկոնը, ինքն ալ սրճագոյն միագոյն էր, ու արդեն որ առած էր իր համպըրկըրը, նստաւ աթոռին վրայ, ու պատէն կախուած հեռատեսիլին ուշի ուշով սկսաւ հետեւիլ:

Ինք կնոչ դէմքին նայելէ կրցածին չափ փախուստ տալով արդեն ապսպրած էր մէկ համպըրկըր, արդեօ՞ք կինը զգաց որ չէր նայեր դէմքին, խիղճը զինք տանջելու սկսաւ. յետոյ մէկ անգամ եւս մտքին մէջ բոլոր շաբթուան հաշիւները ընելով, հասաւ այն եզրակացութեան որ երկու համպըրկըր կրնար ապսպրել, 1500 մը աւելի հոս, կրնար կրճատել վաղուան ինթէրնէթ քաֆէն մէկ ժամով, եւ կամ երթար ու Շանթէն պահանջէր իր ինն հազար առնելիքը, երեք շաբաթ առաջուան պայուսակին համար:
-«Հաճիս համպըրկըրը երկու հատ թող ըլլայ»:


Անիծեալը

April 25, 2009

Դէպի Ապրիլի վերջ, Պուրճ Համուտը իր լաւագոյն օրերը կ’ապրի: Կլիման լաւագոյնն է տարուան մէջ, անձերւները դադրած են, խոնաւութիւնը վերջացած է, տաքը տակաւին չէ հասած, հեռու պահելով հոտը:  Հաւերը շատ կ’ածեն, հաւկիթը աժան է, Այնճարէն հասնելու կը սկսի տարուան բերքը, եւ Լիբանանեան նարինջը կը ողողէ շուկան: Տակաւին զբոսաշրջիկները չեն եկած, եւ Այնճարցիները տակաւին չեն ելած գիւղ:  Մեքենագործներուն լաւ կ’ըլլայ, մարդիկ պտոյտներու համար օդօները կը նորոգեն, կոշկագործներուն եւ պայուսակագործներուն քով հաճախորդ չի պակսիր, նոր կոշիկ ու պայուսակ առնողները շատ են ամառուայ սկիզբին: Մարդիկ դուրս կու գան տուներէն ու կը պտտին Պուրճ Համուտի մէջ, կը պատահի որ ծերուկները նստած կ’ըլլան անկիւնները, մանաւանդ տարածուն սուրբերու արձաններուն քով, ուր նստարանի նմանող քարէ կոյտեր կարելի է գտնել:

-Եղբայս անիծեց ինծի: Վրանիս անէծք եկաւ, ես ինչ աղուոր աղջիկ էի, զոռով ամուսնացուցին ինծի, եղբայս զոռեց որ ամուսնանամ, խայըրսըզ մը եկաւ, ինծի զոռով առաւ, անկէ ալ տուներնիս քանդուեցաւ, տուներնուս պարաքաթը կորսուեցաւ: Եա՜: Հիմա տուն չունիմ ես, ես տուն չունենալիք կնի՞կ էի: Ի՜նչ աղուոր էի, ինծի տասը տարի սպասող եղաւ, ոչ ըսինք, ոչ ըսինք, յետոյ ասանկ եղանք: Պապաս շատ հարուստ էր…

Անդադար կը խօսէր պառաւը, շուրջիններուն հետ, իսկ երբ մարդ չըլլար ինքնիրէն հետ: շուրջ հաւաքած ահագին տոպրակներ, մի քանի ճիւղի կտոր, նստած էր Մարիամ Ատուածածին արձանին քով, լայն պողոտային չորրորդ թաղին մէջ, որ կը տանի մինչեւ ոստիկանատուն, եւ որուն քովը կար Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին:

-Մենք պիտի յաղթենք: Չարերը պիտի պարտուին, մենք պիտի յաղթենք: Լաւ պիտի ըլլանք, նայինք ինչ պիտի ըլլայ, աս քանի օրը թող անցնի…

Շարունակեց խօսիլ, բայց քիչ վերջ ձանձրացաւ երբ մարդ կարեւորութիւն չտուաւ իր ըսածներու, ելաւ, հազիւ կանգնեցաւ ոտքերուն վրայ: Ճիւղերէն մէկը որպէս գաւազան բռնեց ու տոպրակները հաւաքելով յառաջացաւ շատ կամաց քայլեորով: Ամէն մէկ պատուհանէն ներս կը նայեր, երբեմն գլուխը բարձրացնելով պատշգամբներուն ալ կը նայեր, եթէ մարդ մը տեսներ, խօսելու կը սկսեր, բան մը կը գտներ ըսելիք անպայման, ընդհանրապէս նոյն բաները:

-Մենք վերջացանք աղջիկս, դուն ուշադիր եղիր, մեր տունը ուղուր կայ, միայն գիտնաս ես ինչ աղուոր էի, տասը տարի սպասող եղաւ ինծի, ոչ ըսի, չեմ ուզեր ըսի, իշխան չըլլայ նէ չեմ ուզեր ըսի, յետոյ խթիֆէ տարին ինծի.. զոռով ամուսնացուցին: Եղբայրիս երեսէն եղաւ ամէն: Պապաս մեռաւ նէ, եղբայս ամէն ինչը ծախսեց, երիտասարդ եմ ըսաւ, օդին տուաւ: Անառակ որդի ելաւ: Իմ պապաս շատ հարուստ էր, մամայիս կողմը ի՜նչ ազնուական, Ճէնէրալ Քարամանուկեանին խնամի էին մամայենցս հետ. եա՜:

Մէկը չի գիտեր եթէ ինք իր ըսածներուն կը հաւատար, մէկը չի գիտեր եթէ ըսածները իրականութիւններ էին, կ’ըսեն թէ Քուէյթ ապրող եղբայր մը ունի, ատենը մէկ դրամ կը ղրկէ:

-Դիմեցի քա, դիմեցի, ամէն տեղ դիմեցի, բան մը չեն տար կոր, մէկը մէկուն երեսին չի նայիր կոր այս դարուս, դրա՞մ պիտի տան: Ծերացայ, չորցայ աս փիս տունին մէջ, աս ծերուկին քով ըլլալէն մարմինս փտտաւ… Շատ խիստ է, շատ, ինչ ունիմ նէ, իրեն կու տամ կոր, նորէն չըլլար կոր, ասանկ է բնաւորութիւնը, ինծի չեկաւ իր բնաւորութիւնը, ծերացայ իր երեսէն:

Հասաւ տուն, դուռը զարկաւ, ու ուրիշ ծերուկ մը դուռը բացաւ, ներս մտցուց տոպրակները, դուրսը ձգելով ճիւղը: Ներսէն քանի մը պորչտուքի ձայներ լսուեցան:

-Դուն գիտե՞ս ես ինչ ընտանիքէ կու գամ, Ճէնէրալ Քարամանուկեանը հիմա գայ նէ, պիտ ըսեմ ինծի ինչեր կ’ընես կոր նէ: Իմ պապայիս Հայր Աբրահամ կ’ըսէին, եղա՞ւ: Ամէն ունեցածը բաժնեց աղքատներուն, առաջ սէր կար, հարգանք կար: Մէկուն ծնողքը մեռնի նէ ամէն ինչ կը վերջանա եղեր, Պապաս միայն կը սիրեր ինծի… Մամաս ճատը էր…

Ապրիլ ամիսը իր վերջին մօտենալուն պէս, արդեն զգալի է ճնշիչ ամառուան ազդեցութիւնը, մարդիկ կը սկսին իրենց տուները քաշուիլ կամաց կամաց, մանաւանդ անտանելի է տաքէն փխած աղբակոյտին հոտը, Պուրճ Համուտի ծովային բաժնին, ժամանակին քէմփ եղող, Քարանթինայի մէջ զետեղուած:


Սբ. Վարդան

March 3, 2009

Առտու կանուխ է, պէտք է արթննալ: Ժամացոյցին կը նայի ու կորոշէ որ քիչ մըն ալ կարելի է քնանալ: Քիչ ետք նորէն կը նայի ժամացոյցին, այս անգամ իրաւ պէտք է արթննալ: Քիչ մըն ալ կը տապլտկի անկողինին մէջ, ու վերջապէս յիշելով մեծ մօր խօսքը «հոփ ըրէ ելի՛ր», կելլէ տեղէն անակնկալ շարժումով մը: Երեսը լուալու համար կերթայ ներս, կը լուացուի ու լուացարանին տակի խողովակին քանի մը անգամ կը զարնէ որ ջուրը դիւրին երթայ ծակէն: Նէսքաֆէ մը կը շինէ, մէկ-երկու-մէկ համեմատութեամբ, մէկ դգալ սուրճ, երկու դգալ գաֆէմէյթ և մէկ դգալ շաքար. կտոր մը պանիր հաց կուտէ, քսուկ պանիրով: Արագ արագ կը հագուի ու կիջնէ երթալու համար ծանօթի մը գով, Զոհրապին. հոն պիտի հարցնէ ուրիշ մարդու մը մասին, պրն. Կարապետ Կարմիրեանին, որմէ դրամ պիտի առնէ: Չէր ճանչնար Կարմիրեանը, չէր ալ գիտեր որքան դրամ պիտի տայ իրեն. բարեխօսած են իրեն համար, ըսած են «լաւ տղայ է, բան մը տո՛ւր», իսկ իրեն «գնա՛ քովը, բան մը կու տայ»:

Անպայման այդ օր պէտք է հանդիպի Կարմիրեանին, պէտք է դրամը առնէ, տանի համալսարանին մասնավճարը տայ, դրամատուները ժամը 2ին կը գոցեն, մինչայդ պէտք է հասնի Կարմիրեանը գտնել, կը հասնի՞: Պէտք է վազել: Ժամը 10ի կողմերը կիջնէ, քիչ մը կը քալէ, ու միայն ետքն է որ կը նկատէ սխալ բան մը «Ի՞նչ կըլլայ կոր»: Խանութները բոլոր գոց են, ժամին կը նայի, այդ հոգեբանութեամբ որ սխալ ժամու կրնայ իջած ըլլալ, ժամացոյցին ճիշդ ըլլալը հեռաձայնին վրայէն կստուգէ: Քիչ մըն ալ կը քալէ ու կը հասկնայ հարցըԱյսօր Սբ. Վարդան է: Պատերուն վրայ երեկունէ գրուած է եղեր… «Բոլոր խանութները պիտի գոցուին…»: Ուրեմն Զոհրապն ալ գոց է, ուրեմն չի կրնար գտնել Կարմիրեանը, ուրեմն չի կրնար վճարել դրամատան, իսկ այսօր վերջին օրն է վճարումիամէն ինչ վաղուայ մնաց, ուշացումի համար հարիւր տօլար աւելի պիտի վճարէ… «իւֆ…» մը յառաջելով կը մնայ պատին առջեւ կեցած, որուն վրայ թուղթը կը մնայ կախուած:

Ոտքերը կը տանին դէպի մօտակայ, Մասթըր Մօլին քովի Սբ. Վարդան եկեղեցին, «մոմ մը վառենք» տրամաբանութեամբ: Եկեղեցի չհասած արաբ կին մը կը բռնէ զինք, կը հարցնէ թէ ինչ կայ որ խանութները գոց են: Ինք, ծայր աստիճան գոհունակութեամբ կը խրատէ կնոջ որ պարապի չերթայ շուկայի կողմերը, Արաքս, եւայլն.. «Այս օր Սբ. Վարդան է տիկին, բոլոր խանութները գոց կըլլան այսօր», հպարտութիւնը կը հոսի խօսքերուն հետ, գոնէ վարկեանի մը համար կը մոռնայ հարցերը, բայց կնոչ դէմքը կը մնայ մտքին մէջ տպաւորուած, տգեղութենէն կը վախնայ: Շպարը այնքան շատ էր որ, տգեղութիւնը բազմապատկուած էր:

Եկեղեցին Խուռներամ է բազմութիւնը, ինքն ալ այդ ակնկալած էր, կը սիրէր մարդոց դիտել: Կը մտնէ, հազարնոց մը կը դնէ պիշ պիշ նայող մարդուն դիմացի սեղանիկին վրայ, ուր ափսէի մը մէջ ահագին դրամ հաւագուած է, ափսէին քովն ալ մոմերը գեղեցիկ բլրաձեւ շարուած են: Կառնէ մօմ մը, ու հազիւ տեղ գտնելով կը հասնի Մարիամ Ատուածածինի պատկերին քով, խաչ կը հանէ ու կաղօթէ, աջ ձախ կը նայի աչքին ծայրովը, «մարդիկ երկար աղօթքներ կընեն կոր» կանցնի մտքէն: Տէր հոր ձայնը, երգչախումբին ձայնը, բոլորն ալ շատ անուշ կը թուին իրեն, պատարագը ընթացքի մէջ է, իսկ բազմութիւնը գինովցած պատարագով, իրար հետ լաւ զոյգ կը կազմեն՝ բազմութիւնը եւ պատարագը: Չուզեր դուրս ելլել այդ հրապուրիչ մթնոլորտէն, բայց պէտք է ելլել, պէտք է բան մը ընել, բայց ի՞նչ ընել, «Ամէն տեղ ալ գոց է թէրսի պէս»: Կելլէ ու կը քալէ կիսադատարկ փողոցներուն մէջ, քիչ մըն ալ անձրեւոտ է օդը, պաղ չկայ, բայց ինք բարակ հագուած է կարծես թէ: Ձեռքը գրպանը կը տանի, բան մըն ալ չկայ հոն հեռաձայնէն բացի, կառնէ ու կսկսի թիւերուն նայիլ որոնք շարուած են անգլերէնի այբուբենի յերթականութեամբ, կը հասնի «Յովսեփ»ին, ու կը զանգէ.. «Բարի լոյսի՞նչ կընես կորհահէչ եաու, իջայ, ան ալ Սբ. Վարդան է եղերհա ուալլահէչգա՞մ մըեալլա… »: Կէս ժամ ի՞նչ պիտի ընէ հիմա, չուզեց անմիջապէս երթալ Յովսէփին քով: Քալեց հոս ու հոն, քամին զօրաւոր է, պատշգամերուն արեւանոցները կը թռին հովէն, փողոցի մը սեմին կը կենայ ու կը դիտէ թռող արեւանոցները, հետաքրքրական է տեսարանը, այնքան որ մի քանի վարկեան քարացած կը դիտէ, քիչ մըն ալ ժամանակ անցնելու միտումով անշուշտ: Պարապութեան մէջ չի կրնար չմտածել Փաթիլին մասին, ձեռքը ակամայ կերթայ հեռաձայնին, կը հանէ, կը նայի եթէ բան մը կայ, զանգ մը կամ պատգամ մը որ չէր լսած, միայն ժամացոյցը կայ. վերջին օրերուն դէպքերը գէշ ազդած են վրան, ամէն ինչ վերջացած է, ինք որոշած էր վերջացնել, վստահ չէ որ պէտք էր անպայման այդպէս ընել, ուրիշ ժամանակի մէջ, ուրիշ կեանքի մը ընթացքին տարբեր պիտի ըլլար ամէն բան: Ո՞ւր է այդ միւսը, չկայՈւրիշ իրականութիւն չկայՀիմա է որ լաւ կզգայ ազդեցութիւնը վերջին դէպքերուն, յուսահատութեան բուռն զգացումը կը պատէ մարմինը, նախ կը հարուածէ յօդերը, ապա ականջներուն վրայ կզգայ սրտին զարկերը, կը հայոյէ ճակատագիրը, ու կը տարուի իրականութենէնԱչքերը բաց են, բայց ինք կերազէո՞վ ըսած է որ երազելը սխալ բան է, հապա ինչպէ՞ս դիմանար այսքան բանի: Նախ կը փորձէ տրամաբանել եղածները, սակայն ո՞ր տրամաբանութիւնը իրեն օգնութեան պիտի հասնի, արդէն միայն մէկ հատ տրամաբանութիւն կայ, ան ալ Ճիշդ կը կոչենք, բայց միշտ դէմ է մեզի, միշտ ուրիշ, անհասանելի աշխարհի մը կողմէն է: Տրամաբանօրէն ինք սխալած է, Փաթիլը ճիշդ է տրամաբանօրէն: Մարդը տրամաբանակա՞ն է. դիմացի շէնքին նայելով ըսաւ «Այս շէնքը տրամաբանական է, այս ինքնաշարժը տրամաբանական է, ոչ թէ մարդը, ոչ թէ Փաթիլը, ոչ թէ ես»: Չխենթանալու համար կը դիմէ իր վաղեմի ընկերոչ՝ բանականութեան. բանականութիւնը կը հասնի ճիշդ ատենին, ու շատ արագ որոշում կը կայացնէ «ասոնք պարապ բաներ են ճանըմ, նայինք աս Կարմիրեանը ինչ պիտի ընէ»:

Հիմա որ ալ Պուրճ Համուտի սահմաններուն հասած է, բաց խանութներ կարելի է նկատել փողոցին երկու կողմերը, կը կենայ ցուցափեղկերէն մէկուն առջեւ, ներսի կինը իրեն կը նշմարէ ու ներս հրաւիրող աղաջանք մը կը յայտնուի դէմքին վրայ. կնոչ հանդէպ ներս մտնելու պարտաւորութիւն մը կզգայ, ուրկէ՞ կու գայ այդ պարտաւորութիւնը, կեանքին մէջ չտեսած կնոչ հանդէպ ի՞նչ պարտաւորութիւն, այդ էր պակաս այս նեղ տեղը: Բայց հարազատութիւն մը կզգայ, նոյն թաղը ապրելու, նոյն տենչը ունենալու հարազատութիւնը. «արդեօք հա՞յ է.. չէ, չէ, ի՞նչ հայ Վարդանանք օրով»: Քիչ մըն ալ կը քալէ, ու վազ կանցնի Յովսէփին տեսնելէ, պատգամ մը կը գրէ հեռաձայնէն «ընկեր ես չեմ գար կոր, ընելիք գործ ելաւ», վստահ ըլլալով որ Յովսէփին ալ մեծ մտահոգութենէ մը ազատած է. արդեն որոշ ժամանակէ ի վեր անոր հետ ալ լաւ չեն հարաբերութիւնները, «Է՜ ժամանակ կանցնի, մարդիկ կը փոխուին» ըսաւ նախքին փորձառութիւններէ ելլելով: Այսօր պիտի տայ դրամը քովէն, ուրիշ ճար չունի, իսկ եթէ՞ Կարմիրեանը չտայ դրամ… «բան մը կընենք, Աստուած մեծ է» հանգստացուց ինքզինք, մօմն ալ ասոր համար վառած էր արդեն, «Աստուած չօգնէ, Սբ. Վարդանը կօգնէ» ըսաւ ու խնթաց ըսածին: Կէսօրէ վերջը չանցաւ, առանց անցնելու գիշեր եղաւ. կերթայ ակումբ, ամէն մարդ Սբ. Վարդանի տրամադրութեան մէջ է. ակումբի համակարգիչներէն մէկուն կը նստի, բայց քունը կը տանի. Աւարայրի մարտիկները աչքին առջեւէն կանցնին, Տղմուտի ափերու մօտ, վաթսուն հազար կտրիճները: Պաղտիկ կու գայ ու քով ը կը նստի. «Ինչ է՞, կը պառկիս կո՜ր, չըլլար ասանկ ակամ, ելի՛ր երեսդ լուա՛յ»…:


***


Յաջորդ օր նորէն առտու կանուխ է, արդեն ամէն օր առտու կանուխ կըլլայ, գոնէ մէկ անգամ անպայման կըլլայ: Բայց Սբ. Վարդան մէկ անգամ կըլլայ տարեկան, «Այդ է տարբերութիւնը ուրեմն, ատոր համար մարդիկ ամէն օր եկեղեցի չեն երթար ուրեմն, տարին մէկ անգամ է ըսելով ուրեմնբայց ամէն Կիրակի նորէն ալ կերթան, ամէն Կիրակի Սբ. Վարդան չէ եա՜…» եւ այսպէս շարք մը տրամաբանա-մարդաբանա-հոգեբանական հարցումներ ու պատասխաններ տալէ ետք հոփ կընէ, կելլէ տեղէն, կը շինէ մէկ-երկու-մէկ նէսքաֆէն, կուտէ պանիր հացը, քսուկ պանիր, կը խօսի Զոհրապին հետ, կիջնէ քովը երթալու համար:

Զոհրապ զարգացած ծերուկ մըն է, շատ բան տեսած, շատ բան ապրած, շատ բան պատմող, բայց երբեք մտիկ չընող: Հիմա որ ալ կեանքին վերջաւորութեան է, որոշ բարւոքութեան մը հասած է, կը հաւատայ որ շատ իւրայատուկ բաներ տեսած է կեանքին մէջ, ու ասոնք պէտք է պատմել, պէտք է գրի առնել, պէտք է չկորսուին ասոնք. ու այսպէս ամէն տեղ ու ամէն առիթով կը պատմէ իր կեանքէն դրուագներ, երբեմն կը կրկնուին ասոնք, բայց ինք միշտ կը պատմէ. քիչ մը գրոց փրոց ըլլալուն համար, պատմելու արժանիքը ունի: Զոհրապին առաջին անգամ հանդիպող մը մեծ հաճոյքով մտիկ կընէ, կը հրապուրուի պատմութիւններով, կը սիրէ իրեն, բայց այդ առաջին անգամը չվերջացած, Զոհրապ կը յաջողի վանել բոլոր դրական կարծիքները: Այս շատ պատմելու սովորութեան մէջ մոլորուած, մոռցած էր մտիկ ընելը, շատ դժուար է իր հետ զրոյց մը ունենալ իր կեանքի նիւթէն դուրս, միայն թէ վերջերս սկսած է գաւազանին մասին ալ խօսիլ, երբեմն ալ առողջութեան վատթարացման մասին կը խօսի:

Ինք միշտ սիրած է մտիկ ընել Զոհրապին պատմութիւնները, բայց ոչ այսօրՊատմութիւններէն աւելի Զոհրապ ինք է որ հետաքրքրական կը թուայ իրեն, բայց ոչ այսօր: Կէս ժամէն աւելի մտիկ ընելու պարտականութիւնը տեղը բերելէն ետք, հազիւ կը հասցնէ հասկցնել որ ինք Կարմիրեանին թիւը ուզելու եկած է: Զոհրապ դժգոհած որ պիտի լռէ մի քանի երկվարկեան մինչեւ գնտէ թիւը տետրակին մէջէն, քիթին տակէն կը մրթմրթայ ու կու տայ թիւը վերջապէս: Զոհրապ նոր եկողի մը պատմելու կսկսի իր պատմութիւնները, ինք կառնէ Կարմիրեանին բնակարանի հեռաձայնին թիւը ու կը փախի: Կը զանգէ բայց պատասխանող չըլլար, նորէն կը զանգէ, նորէն անարդիւնքպատասխան չկայնորէն չկայվերջապէս կինը կը պատասխանէ, որմէ կառնէ գործատեղիին թիւը, կը զանգէ, քարտուղարուհին կը պատասխանէ, ամէն ինչ կը պատմէ քարտուղարուհիին որը կը համոզուի փոխանցել Կարմիրեանին. կը հասնի Կարմիրեանին: «Իմ մասիս ըսած են ձեզի պրն. Կարմիրեանայոես եմայո այոբայց կը հասնիմ այս օր գալհարց չիկայԵրկուշաբթուայ մնալու պէտք չիկայկու գամ քիչ ետքայո՞ա՞ջ, հա լաւբան մը գրուա՞ծ է դուռինեղաւ, շատ լաւ պրն. Կարմիրեանշնորհակալ եմ»: Փողոցէն է որ կը խօսէր, շուրջը շատ մարդ հաւագուած է, ամէն մարդ դժգոհ է, բայց ինք գոհ է, ընկալուջը կը դնէ, սուլոց մը կը լսուի հեռաձայնէն, քարտը կը քաշէ ու հրելով ապակի դուռը դուրս կելլէ, կուղուի դէպի Կարմիրեան:


***


Թեթեւութիւն մը կայ վրան, թեթեւութիւնը զեփիւռի պէս կը շոյէ դէմքը. թեկուզ չերեւիր բայց ժպիտ մը կայ դէմքին: Հիմա ազատած է, բայց վերջին օրերու դէպքերը վրայ վրայի շատ հոգնեցուցին իրեն, ճնշիչ մթնոլորտը ե՞րբ պիտի անցնի: Պատմել պէտք է մէկու մը, որո՞ւ բայց… «Փաթիլն ալ չիկա՜…»: Թեթեւութիւնը կսկսի ծանրանալ:

Հրապարակն է, կանցնի անուշահոտի խանութի մը քովէն, բուրմունքները իրարու կը խառնուին իր ռունքերուն մէջ, մէկ կողմէն Պասթըրմա Մանօյին սուճուխները, միւս կողմէն անուշահոտերըԿը նայի անուշահոտի խանութէն ներս, անուշիկ աղջիկ մը կը նշմարէ, որուն վրայ երեկուայ, Սբ. Վարդանի արցակուրթին թարմութիւնը կայԹեթեւութիւնը կը վերադառնայ իր էութեան:

PDF Տարբերակին համար սեղմել այստեղ


Դուն Աղուոր ես

December 18, 2008

Այս օր ալ հայելին կոտրելը եկաւ, այսօր ալ մտածեց քիչ մը եւ չկոտրեց:

Մեծ հաճոյքով պիտի տապալեր այս անիմաստ գործիքը որ ինչ ունի չունի մէջտեղ կը հանէր, ստիպուած կ’ըլլար տեսնել ինքզինք, նայիլ ինքզինք ու ատել ինքզինք: Բայց ուրիշ հայելիներ ալ գոյութիւն ունենալուն մասին գիտեր, ու հայելիներէն զատ, խանութներուն ցուցաբեղկերն ալ կային ինքզինք տեսնելու համար. որոնցմէ անդին երբէք չէր անցած վախնալով հագուստներէն, եւ մանաւանդ ամջնալով հագուստ ծախողներէն: Ի՞նչ պիտի ընէր, մտներ փորձելո՞ւ, դրամ ունենար ալ պիտի չըլլային վրան հագուստները, ամէն անգամուան պէս նորէն յուսահատութիւններու ուռուցիկ խառնիճաղանճին մէջ պիտի մտներ: Պիտի տեսներ միւսները որ կը հագուէին կը շտկուէին, իսկ ինք շատ շատ ճինզ մը կը հագուէր, ու տէմօտէ շապիկներ… վրայէն անպայման շալ մը, կամ փաճկոն մը անպակաս էր միշտ, գոցելու համար աջ ձախ թափող միսերը: Յաճախ կը յաջողեր, բայց տունը մինակ եղած ատեն, հայելիին առջեւ երբ իր ամէնայն մերկութեամբ էր, ալ փախուստ չկար իր իսկական ձեւէն, որ կը կոջուէր մարմին, ու ինք անոր մէջ բանտարկուած էր: Մտածումներ կ’այցելէին իրեն, որ կը դելադրէին թէ ինք չէ այս, ինք ուրիշ մէկն է, այս հայելիին մէջինը ուրիշ մէկն է, թէ պէտք է գտնէ իր իսկական արտագինը: Վանելու համար այս մտածումները, եւ վերադառնալու համար մարդկային բանականութեան, որը ընդունուած եւ հաստատուած է հաւաքականութեան կողմէ, ստիպուած կ’ըլլար տաք եւ լեղի, թունդ սուրճ մը խմել, հեռուն դիտել որքան որ դիմացի շէնքը թոյլ կու տար, եւ ամէնա կարեւորը հագուստ հագուէր:

Սուրճը խմեց, դիմացի շէնքին նայեցաւ, եւ հազիւ թէ վրան բան մը նետած էր, արդէն ժամը հասած էր երթալու գործի, օրը դարձեալ սկսած էր, օերը կը սկսէին եւ կը վերջանային առանց իր կամքին, օրերուն ենթական էր ինք, ակամա կ’ապրեր… -Օր մըն է կ’անցի կոր: Կ’ըսէր ինքնիրէն օրն ի բուն:

Հասաւ գործատեղի, պզտիկ կրպակ մը մեծ մօլին մէջ՝ ֆօպիժուի խանութ մը: Աչքերը պտտցուց միւս երկու աշխատողուհիներուն վրայ, իրմէ աւելի լաւ հագուած էին երկուքն ալ, իր մարմինէն աւելի գրաւիչ էին երկուքինն ալ. նեղուեցաւ: Մէջէն բան մը կը բուսնէր, ծառ մը որ դուրս պիտի գար մարմինին բոլոր անկիւններէն, ծառէ մը աւելի փշաթուփ մը ըլլար կարծես, ներսէն կը ծակծկէր իր մորթը:  Սուրճ հրամցուցին իրեն, ինքն ալ ժպտաց, շոքոլա հրամցուցին, նորէն ժպտաց, սկսան խօսիլ, ինքն ալ խօսեցաւ, առօրիան քննարկեցին, բամբասեցին, դժգոհեցան, խնդացին:

Երբ Հրիփսիկը ոտքի ելաւ որ սուրճի գաւաթները հաւագէ, մէջքը շտկելէ ետք կրծկալն ալ շտկեց շապիկին վրայէն, ու գոտին վար իջեցուց, կոնքին լայնքը տպաւորիչ դարձնելու համար իրանին նեղութեան համեմատ, յետոյ գալեց դէպի ներսի կողմը ու մէկ վարկեան չտեւած վերադարձաւ: Այս բոլոր ընթացքին տղամարդու կիրքով մը դիտեց Հրիփսիկը: Մասնաւո՞ր կ’ընէր, անոր մարմնին իւրաքանչիւր շարժումը փշաթուփը սնեցին:

-Աղջիկ Հրիփսիկ, ի՜նչ աղուոր եղեր ես, անցեալ տարի ինծի պէս բան մըն էիր:


Անձրեւին Տակ

November 27, 2008

Անձրեւը տեղատարափ էր: Ջուրը կը վազէր ամէն կողմ, հեղեղ մը լեցուցած էր փողոցները, անկիւնները լճակներ գոյացած էին, ու արդէն նեղ տանիքանման ցցուածներուն տակէն իսկ քալել անկարելի էր, անոնց ծայրերէն հոսող ջուրը աւելի զօրաւոր էր: Ինքնաշարժերու անիւներուն սուրալուն հետ միասին աջ ու ձախ ցանուած ջուրը կ’աւլնար անձրեւին ու ջուրը ջուրին խառնուելով կը դառնար աւելի ջուր: Ձայնը յստակ չէր թէ անձեւինն էր, ինքնաշարժերունը, թէ բազմութեանը, որը կը վազէր հոս ուն հոն, ապաստան մը գտնելու շատ անակընկալ ձեւով վրայ հասած անձրեւէն, իսկ լոյսերուն շողերուն տակ, անձերին որքան յուժկու ըլլալը աւելի ակընյայտ կը դառնար, մինչեւ որ լոյսերը կտրուեցան:

-Ո՞ւր կ’երթաս կոր, խե՞նթ ես մը դուն: Ըսաւ, ըսածէն ծայր աստիճան գոհ շեշտով, յիսունի մօտ մարդ մը, որ ճիշդ հիմա տուն մտած էր, թափ թաց, ոտքէն գլուխ ջուրերու մէջ, ձեռքին տոպրակէն ալ ջուր կաթելով:

Իսկ ինք ականջ կախել չուզեց, ամէն մարդ վրան պոռաց որ այս անձրեւին տակ դուրս պիտի ելլեր տունէն, ինքն ալ գիտեր որ ըրածը խենթութիւն էր, վստահ որ պաղ պիտի առներ ու հիւանդանար, բայց նորէն ալ պիտի դուրս ելլեր, պիտի տեսնէր Վերային անպայման, անձրեւ ըլլար թէ կարկուտ, պիտի տեսնէր: Ի՞նչ կ’ըլլար եթէ քիչ մը հիւանդանար, վաղը դեղ մը կ’առներ ու կը լաւանար, պիտի չմեռներ այսինքն:

Արագ քալեց անձրեւին տակ, յետոյ սկսաւ վազել երբ զգաց որ արագ ըլլալուն մէջ օգուտ կար, մտածեց որ աւելի քիչ ջուր պիտի թափէր գլխուն եթէ արագ տեղ հասնէր: Հրապարակ հասնելուն պէս կեցաւ երկու վարկեանի համար, մարդիկ պարպած էին փողոցները, ցիր ու ցան վազողներ կային: Երեւի թէ ամէն մէկը իր ժամադրութիւնը ունի մտածեց, անհետաձգելի ժամադրութիւն մը, որ անձրեւին հակառակ մարդոց փողոց կը նետէ: Դարցաւ Մանօյին քովէն ու հասնելուն պէս Սբ. Վարդան եկեղեցին ձախ դարձաւ, հոն վրան գոց վայր մը կար, ու հոն է որ պիտի սպասէր Վերային: Միակ լոյսի աղբիւրը Լէվըլ Նէթի ցուցաբեղկին լոյսերն էին, ներսը շատ մարդ կար, հաւանաբար տաք ալ ըլլար: Ուզեց Վերային գալէն վստահ ըլլալ… հեռաձայնին մէջ միաւորներ չունէր: Նկատեց որ իրեն պէս ուիշ սպասող մըն ալ կար, որ հեռաձայնին հետ կը խաղար, մօտեցաւ ու խնդրեց որ օգտագործէ հեռաձայնը:

-Իւնիթ ունի՞ս մը: Կրնա՞մ պաս մէկ վարկեան խօսիլ:

Դիմացինը ապշած իրեն նայեցաւ, անձրեւին ստեղծած աղետին միաւորող ուժին տակ փափկած ըլլալու էր սիրտը որ հոժարեցաւ տրամադրել հեռաձայնը: Առաւ ու անմիջապէս զանգեց, դժուարութեամբ տեսնելով հեռաձայնը մազերէն ջուր կաթելուն պատճառով:

-Կիշնա՞ս կոր, եալլա հոս եմ, վարը: Վեր նայեցաւ, բան մը չտեսաւ, մի  քանի կաթիլ աչքը մտան: -Մէրսի ակամ:

Հեռաձայնը երբ վերադարցուց, թաց էր, տղան զարմացած նայեցաւ, բայց ինք արդեն հեռացած էր դէպի դիմացի շէնքը: Զարմացած տղան շարունակեց դիտել… սկսաւ հետեւիլ իրեն:

Վերան իջաւ, ու երկուքը միասին գալեցին պատերուն տակերէն դէպի հրապարակ, հեռուէն փորձեցին ինքնաշարժ մը կեցնել, փողոցէն հեղեղը կը հոսէր, ստիպուած էին մայթին վրայ մնալ: Դժուար եղաւ, սպասեցին բաւական բայց ինքնաշարժ չեկաւ, նորէն սպասեցին, նորէն չեկաւ, այլեւս չէին զգար անձրեւը, ջուրը հասած էր միսին, միսը պաղած էր եւ կը դողար:

Քիչ ետք անձրեւը թեթեւցած էր, իրենք տակաւին ինքնաշարժ կ’ըսպասէին, տեսան այդ տղան որ հեռաձայնը տուած էր, իրենց նայելով անցաւ ու հրապարակին միւս կողմը անցաւ: Ինքնաշարժ մը համաձայնեցաւ առնել իրենց վերջապէս: Հեռաձայնը տուող տղան շարունակեց քալել թեթեւ անձրեւին տակէն, Փօլին երգը «անձրեւ է գալի՜ս… Իմ սիրտս է լալի՜ս…» երգելով:


Խանութին ետեւը

November 12, 2008

Պաղտիկին մաման կանչեց պոռալով, ներսէն տոպրակ բերելը ուզեց և հաճախորդին ժպտաց: Պաղտիկ ուշացաւ, մաման դարձեալ պոռաց, այս անգամ աւելի խիստ շեշտով մը, ոչ թէ ուշանալուն համար, այլ որովհետեւ ամչցաւ հաճախորդին առջեւ որ տղան իրեն մտիկ չէր ըներ:

Պաղտիկ զբաղած էր: Անկարելի էր որ դուրս ելլէր տոպրակ տանելու համար, մաման պատռուէր ալ պոռալէն պիտի չելլեր, այսօր պիտի վերջացնէր այս գործը, փախուստ չիկար: Պիտի շինէր մօթօռը:

Ընտանեկան պզտիկ նպարավաճառի խանութ մը ունէին, խանութին ետեւի տարածքը վերածած էր իր աշխատանոցին, խանութէն դուռը չէր երեւեր իսկ, այնպէս որ երբ ետեւ անցնէր, ինքնիրէն բոլորիվին մինակ կը զգար, կ’ըլլար արանձին, իրականութեան հետ կապող միակ բանը փողոցին աղմուկը կ’ըլլար, ան ալ երբեք չէր դադրեր, այսպիսով բողոցէն երբեք ամբողջովին չէր կտրուէր, բայց ամէն պարագայի իրեն համար կեանք մը շինած էր հոս: Նախապէս բանտ մըն էր իրեն համար այս թիզի չափ տարածութիւնը, պզտիկ եղած ժամանակ կը կղպէին դուռը վրան երբ չարութիւն ընէր, երբեմն կը ձգէին իրեն հոն ու կ’երթային, այն ատեն շատ կը վախնար, միջատներէն ու պատերու վրայ մաքլցած բոյսերէն, կամ հոգիներէն, եւ կամ մինակութենէն: Մինչեւ որ օր մը մեծցաւ, ու ալ սկսաւ չվախնալ, հիմա այլեւս կը սիրէր այս տեղը, այս տեղը իրն էր, աւելի իրը քան սենեակը, հոս ազատ էր, հոս ինքն էր: Օր մը, երբ դեռ քի՛չ մը մեծցած էր միայն, յայտնաբերեց որ մաման կը վախնար այս տեղէն, այդ օրունէ սկսեալ աւելի գէշ բաներ պատմելու սկսաւ մամային, որ աւելի վախնայ, ու յոյսով որ ալ ոտքը հոն չդնէ, պապան արդէն չէր մտներ, այսպիսով սեփականեցուց տարածքը ամբողջովին: Շտրկրտեց որ իր ճաշակին համաձայն ըլլայ, ինչ որ իրը չէր թափեց, ամէն մէկ անկիւնը բան մը գծեց որ աւելի փաստէ իրը ըլլալը: Միակ բանը որ ձգեց, կամ մորցաւ հանել եւ յետոյ խղճի խայթ ոնեցաւ հանելու, և կամ դիտումնաւոր ձգեց որ յետոյ խղճի խայթ ունենայ հանելու, մօրն ու հոր ամուսնութեան նկարն էր: Վերը հեռուն կախուած մնաց այդ նկարը, ու անոնց նայուածքները, յաճախ զարմացած, մնացին իր տեղին վրան:

Մաման երրորդ անգամ ըլլալով պոռաց, Պաղտիկ ջղայն էր այլեւս, ձգեց ձեռքի անգլիական բանալին, ու գնաց մօրը նայելու, կեցաւ, ետ եկաւ որ բանալին հետը առնէ: Տոպրակները տուաւ առանց բան մը ըսելու,  նայեցաւ կնոչ որ մէկ շիշ ձէթ, մի քանի տուփեղէն, եւ տոպրակ մըն ալ հաց առած էր, քովը կեցած էր երիտասարդ աղջիկ մը, երկուքը նոյն լայն դունջը ունէին:

Մաման խօսելու սկսլէն առաջ արդէն նկատեց որ հիմա պիտի խօսի, կասկածի նշոյլ մը անգամ չունէր որ ինչ ալ ըլլար մօր ըսածը ինք ատկէ պիտի ամչնար, ուզեց արագ երթալ իր տեղը, բայց աղջիկը չնայած լայն դունջին գէշ չէր, ու կեցած իրեն կը նայէր, կամ ալ բանալիին, եւ կամ աղտոտ տափատին: Մաման խօսեցաւ:

-տղաս բարեւ մը ըսէ, Նորա թանթիկն է, յիշեցի՞ր, աս ալ իր անուշիկ աղջիկն է, ի՞նչ էր անունը:

Նորան կը չափէր Պաղտիկը, բայց սիրալիր դարձաւ հարցումին ուղղութեան ու ժպիտով մը պատասխանեց, աղջկան տալով հացին տոպրակը, ու դէպի դուրս նշան ընելով:

Պաղտիկ մօրը նայեցաւ, շատ ամջցած էր, մայրը ուրախ կ’երեւէր:


Փաչաճի Պողոս

November 9, 2008

Պողոս իջաւ խանութ: Կինը հոն էր, որ գիշերային հերդապահն էր խանութին, կնոչ դէմքին վրայ ամէն արտուան սպասումը կար, Պողոսին կարծելով յաճախորդ մը: Պողոս հասկցաւ որ մէկը չէր մտած ամբողջ գիշեր, կինը նոյն դիրքին վրայ էր երեկունէ ի վեր, փաչային կացցան ալ եղածին պէս էր, կափարիչը շեղակի դրուած:

-Մէկը չեկա՞ւ:

-Ո՞վ պիտ գայ: ոտքի կեցաւ, ու գոհունակութեամբ որ անկողին պիտի մտնէ, իր չարչարանքին պահերը վերջացած, Պողոսինը սկսած էին, հինգ վարկեանէն պիտի մտնէր քունի, երանելի էր վիճակը, աւելցուց առանց ըսածին մասին սուգ մը կամ նեղութիւն մը զգալու,

-Ժողովուրդին ձեռքը դրամ չիկայ: Ձգեց խանութը ու ելաւ:

Պողոս աշխատցուց հեռատեսիլը ու սկսաւ աննպատակ փոխել կայանները, բան մը բնտրելու հոգեբանութեամբ, բայց միմիայն ձանձրոյթ փարատելով: Մտածեց փոխել աս անիծեալ գործը, երեկ գիշեր, աղջիկ մը ու տղայ մը իրենց ինքնաշարժը խանութին առջեւ կեցնելով մտած էին ու զովացուցիչ գնած: Անոնց ըսած էր որ փաչան համտեսէն, բայց երիտասարդներուն զզուանքի արտայայտութենէն, ինքն ալ փաչային վերաբերեալ զզուանք մը զգացած էր:

Ոտքի կեցաւ, մօտեցաւ երեք օրուան կացցային, որ շատ քիչ պակսած էր, հմտութեամբ մը բռնեց երկու կողմերէն, մօտեցուց լուացարանին, ու պարպեց ամբողջ պարունակութիւնը, ու սկսաւ ցողուել, ընթացքին աչքերուն ծայրով կը յետեւէր դռան առջեւէն անցնողներուն, ամէն մարդ որ քիչ մը մօտէն կը քալէր խանութին, այդ տպաւորութիւնը կ’ունենար որ ներս պիտի մտնէր: Ձգեց կացցան որ չորնայ, առաւ հեռաձայնը ու մէկ կոճակ կոխելով սպասեց որ պատասխանեն:

-Անթօ՛, Պողոսն է, ինծի հինգ քիլօ ղրկէ:


Նէթուօրք

November 3, 2008

Երկու տղայ քալեցին Մասթըր Մօլի ետեւի նեղ անցքէն ու մտան Լէվըլ Նէթ: Աղմկոտ երկար բարակ սենեակը լեցուն էր ծուխով: Չաթի ու Փօքէրի պաստառները գոյնզգոյն էին, սուրճի եւ քօլայի գաւաթները պարապ եւ աղտոտ: Աղջիկ մը ելաւ տեղէն, որ շատ ուշագրաւ հագուած էր, ու դէպի տղաքը գալեց, բայց տղաքը ուշադրութիւն չդարցուցին, ժամադրուած էին համացանցին վրայ:


Follow

Get every new post delivered to your Inbox.